2015-03-07 09:50:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Էկան` Նիւ Եորքի երբեմնի արքեպիսկոպոսը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 մարտին Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Կարդինալ Էտուարտ Մայքըլ Էկանը` Նիւ Եորքի երբեմնի արքեպիսկոպոսը։ Ան ծնած էր 2 ապրիլ 1932-ին։ Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական ուսումները կրատած էր Հռոմի մէջ ու քահանայ ձեռնադրուած 15 դեկտեմբեր 1957-ին։

Կարդինալ Էկանի մահով Կարդինալական դասի անդամներու թիւը կ՛իջնէ 226-ի որոնցմէ 125 Պապ ընտրող իրաւունքով կարդինալներ մինչ 101 ոչ ընտրող։

Ի լուր Կարդինալ Էկանի մահուան Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական հեռագիր մը ուղարկեց Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ` Թիմոթի Տոլանին որուն մէջ վեր առնելով երջանկայիշատակ ննջեցեալին սատարն ու  ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ  իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ապահովեցուց ննջեցեալի հոգւոյն համար, հայցելով որ Աստուած զինք ընդունի արդարներու դասին մէջ։
 








All the contents on this site are copyrighted ©.